2016-09-09 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` Միսիոնար եպիսկոպոսներու հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 9 սեպտեմբեր 2016-ին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10,30-ին, իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլերը, Մեքսիքոյի Սան Լուիս թեմին երբեմնի եպիսկոպոս գերապայծառ Արթուրօ Անթոնիօ Շիմանսքի Ռամիրէսը ու Կուաթեմալայի դեսպան Տիար Ալ­ֆոնսօ Մաթթա Ֆաշենը` հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։

Ժամը 11,20 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Միսիոներական հողամասերու մէջ ծառայող նոր անուանուած եպիսկոպոսներու համար կազմակերպուած գիտաժողովի 110 մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճարին մէջ  յայտնեց թէ ''Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին Հռոմ գալով անոնք միացան աշխարհի զանազան վայրերու բազմաթիւ ուխտաւորներուն եւ թէ այս փորձառութիւնը կը յայտնէ թէ բոլորս ողորմութեան ուխտաւորներ ենք եւ ամէնքս կարիքն ունինք Քրիստոսի շնորհքին դառնալու համար Հօր նման ողորմած''։

Ամէն մէկ եպիսկոպոս կանչուած է կեանքով ու եպիսկոպոսական առաքելութեամբ արտայայտելու Հօր Աստուծոյ բարութիւնը, հոգածութիւնը, ողորմութիւնը, քնքշութիւնը` Քրիստոսի հեղինակութեան հետ միասին որ եկաւ իր կեանքը տալու ու բոլոր մարդիկը դարձնելու մէկ ընտանիք` հաշտուած Հօր սիրոյն մէջ։ Ամէն մէկը ձեզմէ որպէս Հովիւ կանչուած է կառավարելու Աստուծոյ Եկեղեցին յանուն Հօր, եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց անոնց միսիոներական վայրերուն ու անոնց յանձնուած աւետարանումի առաքելութեան որ պէտք է կատարուի Բարի Հովիւի նմանութեամբ, փնտռելով կորսուած ոչխարը եւ օգնելով հաւատացեալները աճելու հաւատքին մէջ։

Նորին Սրբութիւն ապա ակնարկեց եպիսկոպոսներու գործունէութեան ու այդ գործունէութեան ծիրէն ներս անոնց համագործակիցներուն` ըլլան անոնք աշխարհական կամ կղերական ու խրախուսեց ներկաները քաջալերելու, ընկերանալու ու խթանելու զանոնք իրենց ծառայութեան մէջ ու յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելու քահանաներու կազմաւորումին` անոնց տալով շօշափելի օրինակ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ եպիսկոպոսական օծումն ու կոչումը ինչպէս նաեւ առաքելութիւնը ամէն մէկ եպիսկոպոսէն կը պահանջեն ձգտում Քրիստոսի հասունութեան ու այս առընչութեամբ հարկաւոր նկատեց որ այդ մարդկային, հոգեւոր ու մտային հասունութեան վկայութիւնը արտայայտուի ու բացայայտէ Քրիստոսի սէրը ու Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը բոլոր մարդոց նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց եպիսկոպոսները հսկելու ու այնպէս ընելու որ աւետարանումի առաքելութիւնը չհանդիպի խոչընդոտներու ու բաժանումներու` ցեղային տարբերութիւններու պատճառաւ, ու հաստատեց թէ Եկեղեցին աւելի վեր է մշակութային ու ցեղային նշանակութիւններէն ու թէ Եպիսկոպոսը միութեան նշան ըլլալով պարտականութիւնն ունի կառուցելու Եկեղեցին` անոր անդամներու միջեւ հաղորդութեամբ։

 

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ այս օրերուն անոնց բաժնեկցած փորձառութիւնը օգնէ անոնց խանդավառութեամբ յառաջ տանելու իրենց յանձնուած առաքելութիւնը ու անոնց յանձնեց Մարիամի հովանիին ու բարեխօսութեան վստահեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով որ իրենք եւս չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.